Իրիկուան
մէջ, գիւղին
քով,
Կը մըրմընջէ
գուռն ուռիին
տակ շըքեղ։
Զայն կը լեցնէ
աղբիւրն երգովը
բիւրեղ,
Աստղը ՝ բիւրեղ
արցունքով։
Խորհուրդին
մէջ ըստուերին
Կընունքի ջինջ
աւազան մ՚է
կարծես ան՝
Ուր քաղցրօրէն
կը մըկըրտուի
լուսընկան՝
Տըղու մը պէս
նորածին։
Յոգնաբեկ խումբն
եզներուն
Հոն կը դիմէ
արահետէն ճախճախուտ՝
Ուրկէ կ՚հոսի,
ճապաղելով,
ջուրն անփոյթ՝
Մարգերուն
տակ՝ պըսպըղուն։
Կողեր կողի
դէմ ահա՛,
Եւ գաւակներ
գաւակներու
կ՚ընդհարին.
Յանկարծ մոլուցք
մ՚եղջիւրներու
ահագին
Կը տատանի
գուռին վրայ։
Միահաղոյն
կ՚երկարեն
Վիզերն իրենց,
եւ ռունգերնին
յարդամած
Յըստակ ջուրին
ադամանդին
մէջ մըխած՝
Յաւերժօրէ՜ն
կը խըմեն։
Կ՚ըմպեն ալիքն
անապակ,
Լոյս ծիւրումը
պարեխներուն
սառնակերտ.
Ու չե՛ն խըրտչիր
լուսընկայէն՝
որ մերթ մերթ
Կ՚լողայ իրենց
բերնին տակ։
Կը վերցընեն
երբեմն, յա՛գ,
Հըզօր գլուխնին,
ու կը նային
սարերո՜ւն…
Կը սորսորայ
իրենց դունչէն՝
քարերուն՝
Ջուրը, երակ
առ երակ։
Անդէորդն,
հոն, մահակին
վըրայ կըռթնած՝
կը սուլէ երգն
հեշտօրօր,
Մինչեւ վէտ
վէտ ցամքի
հեղուկը բոլոր,
Մընայ մամուռն՝
յատակին։
Կ՚երթան յետոյ,
օրօրուն,
ոմին խաղաղ
գաւիթին մէջ
պառկելու.
Կը կարկաջէ
գիւղամէջէն,
զերթ առու,
Զանգակն իրենց
վիզերուն։
Ու երբ դարձեալ
գան առտուն
Պիտի գըտնեն
հըսկումին
տակ ուռիին
ուռը նորէ՜ն
լեցուած երգովն
աղբիւրին,
Եւ արցունքովն՝
աստղերուն։